2014-10-15 12:05:58

''Եկեղեցին` հարս մըն է որ իր փեսան կը սպասէ''` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռ.Վ. 15 հոկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի. 15 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, ինչպէս ամէն չորեքշաբթի օր, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդհատելով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերուն իր մասնակցութիւնը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ի ճառին մէջ, շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին սկսած խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ վրայ որպէս հարս մը որ իր փեսան կը սպասէ։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդն է որ կը հետեւի Տէր Յիսուսին եւ օրէ օր կը պատրաստուի Անոր հետ հանդիպումին, որպէս հարս մը իր փեսային հետ– ըսաւ Քահանայապետը – ակնարկելով Յովհաննէսի Յայտնութեան գիրքին ուր նշուած է` ''Տեսայ սուրբ քաղաքը, Նոր Երուսաղէմը, որ կ՛իջնէր Երկինքէն, Աստուծոյ քովէն, զարդարուած ինչպէս հարսը`իր փեսային համար''։
Եկեղեցին կանչուած է նաեւ դառնալու քաղաք` համակեցութեան տիպարը, որ կը համախմբէ բոլոր մարդիկն ու ժողովուրդները, կարծես ըլլար ''Աստուծոյ վրանը'', ուր գոյութիւն չունի առանձնութիւնն ու զարտուղութիւնը, եւ ուր ամէնքս մէկ կը դառնանք` Քրիստոսի մէջ յայտնեց ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ այս է մեր յոյսը`եւ Քրիստոնեայի համար յոյսը սպասում մըն է, վերջնական ու լիակատար խորհուրդի իրականացման որ է Աստուծոյ Սիրոյ խորհուրդը, որուն մէջ վերածնուեցանք ու արդէն կ՛ապրինք։ Սպասում` մէկու մը որ պիտի հասնի, Յիսուս Քրիստոսը. որ պիտի գայ մեզ առաջնորդելու հաղորդութեան եւ խաղաղութեան լիութեան մէջ։ Եկեղեցին առ այդ պարտականութիւնն ունի վառ եւ տեսանելի պահելու յոյսի Ճրագը. Որպէսզի շարունակէ ժայթքել որպէս փրկութեան վստահելի նշան ու լուսաւորէ համայն մարդկութեան ուղին որ կ՛առաջնոարդէ դէպի Աստուծոյ ողորմած դիմագիծի հետ հանդիպում։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ ապա Քահանայապետը իր ճառին աւարտին, հարց տանք եթէ մենք իսկական, հաւատալի եւ լուսաւոր վկաներ ենք այս յոյսին, ու ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` երկնքի թագուհի եւ Մայր յոյսի, որպէսզի մեզ պահպանէ ունկնդրութեան եւ սպասումի մթնոլորտի մէջ, այնպէս որ այժմէն իսկ տոգորուած ըլլանք Քրիստոսի սիրով եւ օր մը մաս կազմենք անվերջ երջանկութեան, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան լիութեան մէջ։
Խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, հրաւիրելով զանոնք շարունակել հայցել Աստուածամօր բարեխօսութիւնը սիւնհոդոսական հայրերուն վրայ։ Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Քահանայապետը, միշտ գոհութիւն յայտնեցէք Աստուծոյ ''Ընտանիքի'' շնորհքին համար. սիրելի հիւանդներ ձեր ցաւերը նուիրեցէք ընտանիքներու համերաշխութեան համար եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ամուսնական կեանքը հիմնեցէք Աստուծոյ Խօսքին ժայռին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.